2014-12-19 13:47:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը` Իտալիոյ ողիմպիական ազգային կոմիտէի պատասխանատուներուն եւ անդամներուն։


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 19 դեկտեմբերի կէսօրին, Իտալիոյ ողիմպիական ազգային կոմիտէի հիմնարկութեան 100 ամեակի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ հանդիեցաւ կոմիտէի պատասխանատուներուն ու ողիմպիական մարզիկներուն հետ։
Այս առթիւ, անոնց յղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մարզանքը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքին եւ սոյն հանդիպումը փաստ մըն է այս ուղղութեամբ՝ միասնաբար տօնակախմբեու ողիմպիական կոմիտէի հիմնարկութեան 100-րդ ամեակը։
՝՝Հարիւր տարիէ ի վեր Իտալիոյ ողիմպիական ազգային կոմիտէն, կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ մարզանքը՝ իտալիոյ մէջ, բարձր դասելով ժողովրդային, ընկերային, դաստիարակչական եւ մշակութային ծաւալը՝ որ է ողիմպիական խաղերու բարձրագոյն սկզբունքը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ։
Ապա ակնարկելով ողիմպիական խաղերու տիեզերականութեան, յայտնեց թէ իւրաքանչիւր ողիմպիական մարզանքային ձեռնարկ միտքերու փոխանակում է տարբեր ազգերու պատկանող ներկայացուցիչներու միջեւ եւ այս մէկը կրնայ նպաստել գերազանցելու մարդկային իրաւունքներու՝ դրժումէն ծագող պայքարները։
Ողիմպիական խաղերու՝ աւելի արագ, աւելի բարձր եւ աւելի ուժեղ կարգախօսը
ազգերու միջեւ գերակայութեան հրաւէր մը չէ այլ մարտահրաւէր մը որուն կանչուած են ոչ միայն մարզիկները այլ բոլորս՝ ջանասիրութեան եւ զոհաբերումի միջոցաւ ձգտելու կեանքի կարեւորագոյն նպատակներուն, ընդունելով մեր սահմանափակ կարողութիւններն ու թերութիւնները։

''Ձեզ կը հրաւիրեմ յարատեւել այս ուղղութեամբ ու կը քաջալերեմ դպրոցներու եւ աշխատանքային միջավայրերու մէջ դաստիարակչական գործունէութիւնը, հովանաւորելու մարզանք մը որ հասանելի ըլլայ բոլորին եւ որ ուշադիր է տկարներուն հանդէպ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ
ակնարկելով Իտալիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէի կազմակերպութեան մէջ մատրանապետի դերակատարութեան, յայտնեց թէ անոր ներկայութիւնը կը ցուցաբերէ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ու նաեւ մարզիկներու մէջ կը խթանէ ''ժրաջան հոգեւորութեան'' իմաստը։ Մարզանքի շատ մը բառեր յատկանշական են նաեւ հոգեւոր կեանքին` ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքին որ Տիմոթէոսին հրաւէր կ՛ուղղէ ըսելով ''մարմնի կրթութիւնը քիչ բանի օգտակար է, իսկ աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է''։
Սիրելի բարեկամներ ըսաւ հուսկ Ֆրանչիկսոս Պապը ճառին աւարտին, ձեզի կը մաղթեմ ամէն բարիք ձեր ծառայութեան մէջ ու բարեմաղթութիւններ յայտնեց նաեւ
2024 ողիմպիական խաղերու Հռոմ քաղաքի թեկնածութեան համար ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց, իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.